2013-03-23 09:28:42

ֆրանչիսկոս Պապ - Պենետիկտոս ԺԶ` Պատմական Հանդիպում։


Պատմական եզակի դէպք մը տեղի ունեցաւ այսօր շաբաթ 23 մարտի կէսօրին, երբ երկու Տիեզերական Եկեղեցւոյ քահանայապետներ իրարու հանդիպեցան։ Եկեղեցական դարաւոր պատմութեան մէջ այսպիսի հանդիպում մը երբեք տեղի չէր ունեցած։

Արդարեւ ֆրանչիսկոս Քահանաապետը, ժամը 12-ին, ինքնաթիռով մեկնեցաւ դէպի Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցը, ուր իր հրաժարականի որոշումէն ետք, 28 փետրուարէն, բնակութիւն հաստատած է Պենետիկտոս ԺԶ։
Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Ալպանոյի Եպիսկոպոս` գերապայծառ Մարչէլլօ Սէմէրարօ եւ Քահանայապետական Ամարանոցի Տնօրէն Տօքդ. Սավէրիօ Բէդրիլլոն։
Ֆրանչիկոս եւ Պենետիկտոս Քահանայապետները բաժնեկցեցան եղբայրական ագապը։

Երկու Քահանայապետներու պաշտօնական առաջին հանդիպումն էր այս. թէեւ ֆրանչիկոս Պապը, իր Քահանայապետի ընտրութեան նոյն գիշերը, հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած էր Պենետիկտոս ԺԶ.ի հետ ու այս մէկը կրկնուած` գահակալութեան օրը, 13 մարտին, Սուրբ Յովսէփի տօնին առթիւ։

Իր ընտրութեան առաջին օրէն իսկ, ֆրանչիկոս Պապը գնահատական արտայայտութիւններ ունեցաւ իր նախորդին հանդէպ։
- 13 մարտի երեկոյեան (ընտրութեան օրը) ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, ''Հռոմի վաստակաւոր եպիսկոպոս Պենետիկտոս ԺԶ.ի համար''։ Ամէքնս - ըսաւ ֆրնաչիկոս Պապը - աղօթենք միասնաբար, Պենետիկտոս ԺԶ.ի դիտաւորութեան, որպէսզի Տէրը զինք օրհնէ ու Տիրամայրը զայն պահպանէ։

Մինչ Պենետիկտոս ԺԶ, կարտինալական դասի հետ ունեցած իր վերջին հանդիպման ընթացքին, անցեալ 28 փետրուարին, յայտարարած էր. ''Թող Տէրը ցոյց տայ ձեզի իր կամքը։ Ներկայ կարտինալական դասին անդամներուն մէջ, կայ նաեւ նոր քահանայապետը, որուն այժմէն իսկ կը խոստանամ անվերապահ հնազանդութիւն։ ''

Անցեալ 15 մարտին, կարտինալական դասին հետ ունեցած հանդիպման առթիւ, ֆրանչիկոս Պապը ըսաւ. ''Պենետիկտոս ԺԶ մեր սրտերուն մէջ վառեց բոց մը՝ որ պիտի շարունակէ արտացոլալ անոր աղօթքներու միջոցաւ, որոնք պիտի ընկերանան Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ միսիոնարական ուղեւորութեան։

Երկու Քահանայապետներն ալ կը հաստատեն ''Սուրբ Հոգին է որ կ՛առաջնորդէ Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը։ Ան է որ ներշնջեց Պենետիկտոս ԺԶ որոշումը։ Ան է որ աղօթքի ընդմէջէն ընկերացաւԿարտինալաներուն նոր Քահանայապետի ընտրութեան։ Որովհետեւ Եկեղեցին ''մերը'' չէ այլ Քրիստոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.